Երկաթէ Շերեփի Խոստումը
Զաւէն Խանճեան
Տարի մը եւս կը յանձնենք պատմութեան յորձանուտին: Իւրայատուկ տարի մը արդարեւ, Հարիւրամեակ՝ ցեղասպանութեան: Վիշտի եւ հրաշքի յուշարար տարի մը: Վիշտ եւ հրաշք քրքրող տարի մը: Եւ արդարօրէն, Թէքէեանի օրինակով, ոչ միայն կարելի է այլ նաեւ անհրաժեշտ որ հաւաքաբար հարց տանք:
Հաշույարդար. Ի՞նչ մնաց, հարիւրամեակէն մեզի ի՞նչ մնաց:
Յետադարձ ակնարկ մը բաւարար է հաստատելու թէ տքնաջան եւ նուիրական համագաղութային աշխատանքի մը ականատես եղանք ամէնուրէք եւ անարդար չէ յաւակնիլ թէ ազգովին նուաճեցինք փոքր յաղթանակներ եւ խլեցինք շարք մը թափնեպսակներ: Հարիւրամեակը, մեր ազգային պայքարը բարձրացուց համաշխարհային գիտակցութեան, յարգանքի եւ ճանաչողութեան յարաբերական աննախընթաց բարձրավանդակի մը, որ արժանի էր հարցի էութեան եւ լրջութեան, եւ ազդու իր տարողութեամբ:
Դժուար եւ անխուսաբելի հարցումը սակայն կը ցցուի մեր դիմաց: Հիմա ի՞նչ:
Ճանապարհը երկար է եւ փշոտ: Արգելքներն ու խոչընդոտները անպակաս: Կը թուի սակայն, թէ մեր հաւաքական կամքը անկոտրում է եւ վճռակամութիւնը՝ հաստատ: Մեր անսասան հաւատքը մեր արդար դատի պայքարի ճանապարհին կը շարունակէ մնալ անխախտ: Հաւատքը՝ կը շարունակէ մնալ արդարութեան ձգտումին եւ ճշմարտութեան բացարձակ ճառագայթումի մեր ապաւէնը: Չենք կրնար սակայն ձեռնածալ մնալ եւ մի քանի յաղթանակներու գինովութեամբ հարբիլ: Պայքարը շարունակել է պէտք: Անդարում:
Արդարութեան եւ հատուցումի ճանապարհին վրայ, մեր երազներու եւ պահանջքներու ովկիանոսին մէջ, լուրջ եւ գիտակից իրատեսութեան անհրաժեշտութիւնը կայ: Հակառակ կտրուած մղոններուն եւ տարուած յաղթանակներուն շատ հեռու ենք տակաւին երկաթէ շերեփի իւրացումէն եւ պայքարի ճանապարհին անոր գործածութեան կիրակումէն: Ցեղասպանութիւնը եւ անոր հոգեբանական բոլոր ազդեցութիւնները մեր սերունդի ազգային եւ հաւաքական էութեան մէկ մասնիկն են: Զայն կը շնջենք եւ կ՚ապրինք ամէն օր որ Աստուած կը շարունակէ կեանք շնորհել մեզի: Այստեղ արդէն, մենք արթնութեան կարօտը եւ պարտադրանքը ունինք եւ անոր ճնշումը կը զգանք:
Ժամանակներու եւ պայմաններու հրամայականի տակ մեր առաջադրանքները, մեր կեդրոնացումները եւ առաջնահերթութիւնները յարափոփոխ ըլլալու կարօտ եւ արժանի են: Ցեղասպանութեան հոգեբանութիւնը չի կրնար մեր հաւաքական կեանքի շուրջօրեայ առանցքը ըլլալ եւ պէտք չէ ըլլայ: Եւ մինչեւ այն օրը երբ երկրագունդի վրայ գտնուող հայկական հաւաքականութիւնը տիրանայ երկաթէ շերեփին, մեր ուշադրութիւնը հարկ է կեդրոնացնել հետեւեալ երեք անյետաձգելի իրավիճակներուն կամ իրականութիւններուն վրայ եւ տալ անոնցմէ ամէն մէկուն մեր էութիւնէն իր արժանի բաժինը:
Ա. ՀԱՅՐԵՆԻՔ
2015 ին մեր հայրենիքը կը բոլորէ իր անկախութեան քսանհինգ ամեակը: Հակառակ բոլոր յառաջդիմութեան, հակառակ բոլոր մարդկային եւ նիւթական զոհողութիւններուն, հակառակ բոլոր երազներուն եւ տեսիլքին, այսօր մեր հայրենիքը հոն չէ ուր մենք հաւաքաբար կ՚ուզէինք որ ըլլար: Կասկած չկայ թէ Արցախեան ազատագրական պայքարը եւ պատմական յաղթանակը, դարերէ իվեր մեզի զլացուած եւ միայն երազուած հպարտութիւն առթող իրականութիւնն է: Փառք եւ պատիւ Արցախեան հերոսամարտը իրենց արիւնով եւ կեանքով կերտած բոլոր ազատամարտիկներուն: Հոն իսկ սակայն տակաւին խարսխուած չէ յաղթանակը եւ թշնամին ամէն օր իր վայրագ թափանցումներով նոր կեանք կը հնձէ ճակատներու վրայ:
Ընկերային եւ տնտեսական ապահովութիւնը անբաւարար մակարդակի վրայ է իսկ արդարութեան նշաձողը անընդունելիօրէն ցած: Հայաթափումը կը շարունակուի իսկ «դէպի երկիր» լոզունգը կը մնայ անլսելիօրէն ղօղանջելի:
Հայրենիքը տակաւին հեռու կը մնայ ինքնաբաւ, ինքնանկախ, եւ աճող ըլլալէ: Այս կացութեան մէջ գտնուող հայրենիքը անտարակոյս կը կարօտի մեր բոլորի լուսարձակին տակ ըլլալու անհրաժեշտութեան: Բոլորս պատասխանատու ենք այս վիճակին եւ բոլորիս պատասխանատուութիւնն է ամէն գնով տքնիլ եւ ճգնիլ այս վիճակէն դուրս գալու համար:
Հայրենիքը եւ մեր հայրենի ժողովուրդը կը մնան մեր ուշադրութեան եւ հոգածութեան առաջնահերթութեան գագաթին:
Բ. ՍՓԻՒՌՔ
Դարաւոր պատմութեան ճնշող վայրագ պայմաններու ծնունդ հայկական Սփիւռքը՝ անհայրենիք մասնիկն է աշխարհով տարտղնուած հայ ժողովուրդին: Ցեղասպանութենէն ետք հսկայածաւալօրէն տարածուած հայ Սփիւռքը, հայրենիքի անկախութենէն ետք կ’ակնկալուէր նօսրանալ եւ փոքրանալ: Դժբախտ իրականութիւնը սակայն հակառակը ապացուցեց եւ Սփիւռքը հայրենիքի հաշւոյն …..ուռճացաւ: Պատճառներու ուսումնասիրութեան տեղը չէ այստեղ: Կը բաւէ գիտակցիլ իրականութեան եւ անդրադառնալ հսկայածաւալ Սփիւռքի կարեւորութեան, թէ ազգապահպանման եւ գոյատեւումի ոլորտին մէջ եւ թէ հայրենիքի օժանդակութեան սրբազան պարտաւորութեան ծիրէն ներս:
Առ այդ բնական եզրակացութիւն է ուրեմն թէ պարտաւորիչ է ունենալ առողջ Սփիւռք մը: Այսօրուայ իրականութեան ցոլացումը սակայն տարբեր բան ցոյց կու տայ:
Տասնամեակներէ իվեր հայրենամերձ ազգային ամենաբեղուն աշխատանք տանող, կենսունակ եւ գործունեայ, մշակութային փեթակ հանդիսացող Միջին Արեւելեան գաղութները կը շարունակուին քայքայուիլ: Սուրիական հայրենիքի Մայր գաղութը վերջին զոհն է այս ողբալի իրականութեան: Կուրութիւն եւ կարճատեսութիւն է չանդրադառնալ այս իրականութեան եւ ափսոսանքով պէտք է հաստատել թէ մեր ազգային ղեկավարութեան գագաթին բազմած շատեր գիտակցութեան այդ խաբկանքը կ՚ապրին:
Սփիւռքի պարագային, գուցէ մենք պատասխանատու չենք քաղաքական եւ պատերազմական այն վիճակին եւ սակայն բոլորիս հաւաքական պատասխանատուութիւնն է ամէն գնով տքնիլ եւ ճգնիլ փրկելու համար ամէն հրկիզուող սփիւռքահայ գաղութ յօգուտ Սփիւռքի եւ հայրենիքի:
Սփիւռքը եւ Սփիւռքահայը նաեւ հարկ է որ մնան մեր ուշադրութեան եւ հոգածութեան գագաթին, հայրենիքի կողքին:
Գ. ՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴ
Իսկ այստեղ արդէն կը միանան Սփիւռքն ու հայրենիքը:
Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի վերջին օրերը կ’ապրինք: Բայց պէտք է հպարտութեամբ եւ խորին գոհունակութեամբ արտայայտուիլ թէ հարիւրամեակը եկաւ հաստատել մեր անսասան վստահութիւնը երիտասարդ նոր սերունդին վրայ որոնք ազգին ճակատը բարձր պահեցին իրենց հետաքրքրութիւններով, նուաճումներով, ստեղծագործութեամբ, ազգային գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան ոգիով: Մտային սեւեռում մը երկրագունդի շուրջ կու գայ պատկերացնելու թէ երբէք մեր ազգային պատմութեան ընթացքին չէ եղած այնպիսի ժամանակ մը երբ մենք ունեցած ըլլանք այսօրուայ խոստումին նման բանակ մը համալսարանական կամ համալսարանաւարտ սերունդ, որոնք պիտի կազմեն գիտնականներու, մասնագէտներու, կրթական եւ հանրային գործիչներու, իրաւաբաններու եւ օրէնսդիրներու, գիտութեան եւ արուեստի բնագաւառներու մէջ փայլող խոստմնալից աստղերու ապագայ գումարտակներ:
Մեր հաւաքական պարտականութիւնն է փայփայել եւ գուրգուրալ այս եւ յաջորդող սերունդներուն վրայ, օրինակելի առաջնորդութեամբ, որոնք՝ «եւ հաւատայ, կրանիթեայ ո՜վ աստուած» օր մը պիտի դառնան երկաթէ մեր շերեփները:
Ահաւա՛սիկ հարիւրամեակէն ինծի մնացած կտակը:
Հաւատա՛նք:
Դեկտեմբեր 9, 2015
You must be logged in to post a comment.