Paramus, NJ ― In response to the recent news of the partial demolition of CAMP ARMEN in the Tuzla District near Istanbul, the Armenian Missionary Association of America (AMAA) has written to the President, Prime Minister and the United States Ambassador of the Republic of Turkey asking for their intervention and support.
During the partial demolition of the Camp in early May, a group of Armenians from Turkey, including some of the former students of the Youth Home of Istanbul, who grew up in Camp Armen, rushed to the site and are keeping guard day and night, thus halting further demolition of the Camp. Among those who went to the Camp was Rakel Dink, the widow of Armenian-Turkish journalist Hrant Dink.
In the letters, Zaven Khanjian, Executive Director/CEO of the AMAA, asked that the Turkish leaders strongly consider an intervention and an immediate resolution to avoid further demolition of this historically significant and beloved Camp and to secure the return of the property to its rightful owners, the Armenian Evangelical Church of Gedik Pasa in Istanbul.
“We are imploring the help of the Turkish leaders in this matter,” said Mr. Khanjian. “Camp Armen was home to over 1,500 Armenian orphans who were gathered from the depths of Anatolia and was where Hrant and Rakel Dink met, grew up and were married. The Camp was a labor of love for the orphans and it became their ‘Atlantis’ civilization. It is an important part of a very meaningful chapter in our Armenian history, and one which we do not want to lose. We pray that God will grant us all a peaceful resolution of this legal struggle.”
The AMAA calls upon other Armenian churches and organizations to raise their voices and send similar letters and requests to the leaders of the Turkish government.
Founded in 1918 in Worcester, MA, the Armenian Missionary Association of America serves the religious, educational and social needs of Armenian communities in 24 countries around the world. AMAA is a 501(c)(3) non-profit organization. For additional information, you may call AMAA at 201.265.2607 or visit the website at http://www.amaa.org.
* * *
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Կոչ կ՚ուղղէ
Թուրքիոյ Պետութեան՝ Կասեցնելու Իսթանպուլի
Թուզլա Շրջանի ԳԷՄԲ ԱՐՄԷՆի Քանդումի Աշխատանքները
Բըրէմըս, Նիւ Ճըրզի — Հակազդելով Իսթանպուլի Թուզլա Շրջանին մէջ գտնուող ԳԷՄԲ ԱՐՄԷՆի քանդումի աշխատանքներու վերջին լուրերուն, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը (ԱՀԱԸ) յատուկ նամակներ յղեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան Նախագահին, Վարչապետին եւ Միացեալ Նահանգներու Լիազօր Դեսպանին, խնդրելով անոնց միջամտութիւնը եւ աջակցութիւնը։
Մայիսի սկիզբը, երբ սկսաւ Գէմբ Արմէնի քանդման ախատանքները, Թուրքիայէն խումբ մը հայորդիներ, որոնց մէջ կը գտնուէին Պոլսոյ Պատանեկան Տան նախկին սաներ, շտապեցին դէպքի վայրը, եւ այնուհետեւ կը շարունակեն պահակախմբել օր ու գիշեր, կանխելու շարունակութիւնը ճամբարի փլուզման աշխատանքներուն։ Անոնց շարքին կը գտնուէր նաեւ Ռաքէլ Տինք, Հրանդ Տինքի այրին։
ԱՀԱԸ-ի Վարիչ Տնօրէն Զաւէն Խանճեան, իր նամակներուն մէջ կը խնդրէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկավարներուն միջամտութիւնը՝ կանխելու պատմականօրէն նշանակալից եւ սիրելի Գէմբ Արմէնի յետագայ քանդումի աշխատանքները եւ ապահովելու ճամբարի կալուածին վերադարձը անոր օրինական սեփականատիրոջ՝ Իսթանպուլի մէջ գտնուող Կէտիկ Փաշայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։
«Թուրքիոյ Հանրապետութեան ղեկավարներուն միջամտութիւնը կը խնդրենք այս հարցին մէջ» ըսաւ Պրն. Խանճեան։ «Գէմբ Արմէնը տունն էր աւելի քան 1500 որբերու, որոնք փրկուած էին Անատոլիայի խորքերէն։ Այս ճամբարին մէջ էր որ Հրանդ եւ Ռաքէլ Տինք հասակ առին եւ ամուսնացան։ Այս ճամբարը այդ որբերու քրտինքով եւ տքնաջան աշխատանքով կառուցուած էր, եւ դարձած անոնց դրախտավայրը։ Այս վայրը եւ ժամանակաշրջանը մեր պատմութեան մէջ եղած է շատ իմաստալից էջ մը, եւ չենք ուզեր կորսնցնել զայն։ Աղօթող ենք, որ Աստուած մեր բոլորին շնորհէ այս օրինական պայքարի կարգաւորումին խաղաղ լուծումը»։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը կոչ կ՚ուղղէ մեր բոլոր Հայ եկեղեցիներուն եւ կազմակերպութիւններուն բարձրացնել իրենց ձայնը եւ նմանատիպ նամակներ եւ խնդրանքներ յղել Թուրքիոյ Հանրապետութեան առաջնորդներուն։
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1918-ին, որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, իր ծառայութիւնները մատուցանելու բոլոր անոնց որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան։ ԱՀԱԸ-ը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ հայրենիքի եւ արտերկրի քսանչորս տարբեր երկիրներու մէջ։ Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք հեռայաձնել 201.265.2607 թիւին կամ այցելել ԱՀԱԸ-ի կայքէջը http://www.amaa.org.