Dear Friends,
Today, April 24, 2015, marks the 100th anniversary of the Armenian Genocide, planned and perpetrated by the Ottoman Turks, against our people, under the cover of WWI.
Since God our Lord led Noah’s ark to safety, many many centuries ago, “…and the ark came to rest on the mountains of Ararat,” (Genesis 8, 4), our people toiled the land, tilted it with sweat and blood, created art and music, song and dance, conceived a genius who gifted the nation its unique identity, and went on to build a remarkable and glowing civilization overcoming persecution and occupation.
The 20th Century begot the nation a rendezvous with evil, with the cruel and brutal sickling of an indigenous people peacefully residing in an over four millennium homeland. The abominable fate of a million and a half innocent victims, uprooted from an ancestral home and led to their extinction by the sword, starvation, sickness and the desert sand is beyond any human imagination.
The most tormenting subject on my psyche, the inner turmoil and agony of my mind, caused by the immeasurable and unconscionable pain and suffering of my forebears was caused by a heinous cabal, unabashedly recognized as the state government of Ottoman Turkey, at the turn of the 20th Century.
Furthermore, our collective reckoning of the unconscionable thousands who were forced and are still condemned into a society and faith foreign to their indigenous forebears, does not just fit the Centennial of the Genocide, but asserts the undeniable reality of a Century of Genocide.
Today, as we jubilantly praise God and hail the resurrection of the nation from the ashes of the heinous crime against humanity, we bow to the memory of the victims who perished for anchoring their existence in their ethnicity and Christian faith. We also vow to overcome evil with more song and dance, hope and prayer, smile and joy, all for the Glory of God, who remained loyal to His Covenant not to forsake us. “I will never leave you nor forsake you.” (Hebrews 12:5)
Zaven Khanjian
Executive Director/CEO
Այսօր, Ապրիլ 24, 2015-ին, կը նշենք Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, որ քօղարկուած Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին ներքեւ, ծրագրուեցաւ եւ իրագործուեցաւ մեր ժողովուրդին դէմ, Օսմանեան Թուրք Պետութեան կողմէ։
Դարե՜ր առաջ եւ այն օրէն իվեր երբ Աստուած Նոյ Նահապէտը առաջնորդեց ապահով տարածք մը «……եւ տապանը Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ,» (Ծննդոց 8: 4), հայ ժողովուրդը տքնեցաւ հողին վրայ, արիւնով եւ քրտինքով որոգեց զայն, արուեստ եւ մշակոյթ ստեղծեց, յղացաւ հանճար մը որ նուիրեց ազգին իր եզակի ինքնութիւնը ու շարունակեց ստեղծել ճառագայթող քաղաքակրթութիւն մը, յաղթահարելով հաճախակի հալածանքներն ու ասպատակումները:
20րդ դարու սեմին հայը անհիւրընկալ ժամադրութեան փոռձարութիւն մը ապրեցաւ խաւարին հետ: Հազարաւոր տարիներ իր հայրենի օրրանին վրայ ապրող ժողովուրդ մը, վայրագօրէն եւ գազանային մոլուցքով, հնձուեցաւ իր պապենական հողին իսկ վրայ: Դժնդակ ճակատագիրը 1.5 միլիոն անմեղ ազգակիցներուս, արմատախիլ եղած դարաւոր պապենական տունէն եւ բնաջնջման առաջնորդուած սուրով, սովամահ կամ հիւանդութեամբ՝ տարագրուած անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ, հեռու է մարդկային ամէն երեւակայութենէ:
Աւելին՝ այսօր մեր հաւաքական գիտակցութեան կորիզն են այն անգիտակից բիւր հազարաւոր զոհերը որոնք բռնութեամբ դատապարտուեցան ապրիլ ընկերութեան մը մէջ եւ զգենուլ կրօնք մը որ խորթ էր իրենց բնիկ նախնիներուն, երեւոյթ մը որ ոչ միայն ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակին արժանի է, այլ եւ փաստն է դարէ մը իվեր շարունակուող ցեղասպանութեան ոճիռին:
Հոգիս անյատնում չարչարող եւ մտքի տուայտանք եւ ցաւ պատճառող, նախնիքներուս անչափելի տառապանքն եւ անգութ ճակատագիրը, հնարքն էր անպատիժ մնացած հրէշային խմբակի մը որ անխպնելիօրէն ճանչցուած է որպէս Օսմանեան կայսրութեան պետութիւն՝ քսաներորդ դարու մուտքին:
Այսօր՝ ոճիռէն հարիւրամեակ մը ետք, երբ ցնծագին փառք կ’ու տանք Աստուծոյ եւ կ’ողջունենք մարդկութեան դէմ գործուած ոճիռի մը զոհ ազգիս՝ մոխիրէն հրաշքով յառնող իրականութիւնը, կ’ու գանք խոնարհիլ իրենց հաւատքն ու ինքնութիւնը ամուռ պահած ըլլալնուն համար նահատակուող մեր անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ: Եւ տակաւին կ’ուխտենք յաղթահարել ոճիռը կենսանորոգ ոգիով, յաւելեալ երգով ու պարով, յոյսով եւ հրճուանքով, ժպիտով եւ աղօթքով, իմացական վաստակի յուռթի ստեղծագործութեամբ եւ արդարութեան համար անմար պայքարի մը զսպանակուած կամքով եւ յանձնառութեամբ:
Խաղաղութի՛ւն մեր սրբազան նահատակներուն եւ փա՛ռք յառուցեալ մեր ժողովուրդի կենսանորոգ ոգիին:
Զաւէն Խանճեան
Գործադիր Տնօրէն